2016-05-21 09:09:00

Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանին վկայականաց բաշխում` Քեսապի մէջ։


Քեսապ. Կիրակի 15 Մայիս 2016 ին,  տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանին մանկապարտէզի և 6-րդ դասարանի ամավերջի հանդէս և վկայականաց բաշխում։ Այս առթիւ  կազմակերպուած յատուկ ձեռնարկի ծիրէն ներս Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան` Քեսապի Սուրբ Միքայէլի անուան Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ժողովրդապետը, երկարաշունչ ուղերձ մը յղեց բոլոր ներկաներուն որուն ընթացքին շեշտեց Հայ Դպրոցի առաքելութեան կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ ընդգծեց Հայ ուսուցիչին ու Հայ ընտանիքին դերակատարութիւնը մանուկներու ու պատանիներու դաստիարակչական եւ կազմաւորման ասպարէզէն ներս։

Իր խօսքը ուղղելով մանուկներուն Հայր Նարեկ ըսաւ ''Մանուկներ հայոց, դրախտի ծաղիկ, Ծաղկեցէ՛ք ուրախ, եղէ՛ք երջանիկ: Հակառակ տիրող երկրի անբարենպաստ ու անապահով վիճակին` մեր վարժարանը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր աննկուն ու հաստատ կամքը: Դիմագրաւելով բոլոր դժուարութիւնները շարունակեց իրագործել իր ազնիւ նպատակը եւ ահաւասիկ հայ դպրոցը անգամ մը եւս յաջողեցաւ հայ բոցը վառ պահել ու զարդարել հայ մանուկին աշխարհը: Քաջ գիտակցելով, թէ մանուկները բուրումնաւէտ ծաղիկներ են, նաեւ` ժողովուրդի յոյսն ու ապագան''։

Հայր Նարեկ ապա հրաւիրեց շրջանաւարտները ''մնալ միշտ աշակերտ'', որովհետեւ, ըսաւ Ան, ''աշակերտը ժամանակ եւ հանգիստ չի ճանչնար, յարատեւօրէն կը սորվի'':

Հայր Նարեկ ապա նշեց թէ հակառակ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական դժուարին պայմաններուն յարկ է յառաջ ընթանալ որովհետեւ ''դժուարին պայմաններու մէջ լաւագոյնս կը կոփուի մարդու նկարագիրը, կամքը: Մեր լաւագոյն տարրերը միշտ եկած են ժողովրդային համեստ խաւերէ եւ դժուարին պայմաններէ: Կարեւորը աշխատանքի հաւատք ունենալն է, չընկրկիլն է'':

 

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայր նարեկ Վրդ Լուիսեանի ամբողջական զեկոյցը.

Սիրելի ներկաներ,
Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանիս ուսուցչակազմը ջանք չխնայեցին ձեր զաւակներուն տալու լաւագոյն ուսումն ու կրթութիւնը, մարդկայնականը, հայկականը ու քրիստոնէականը: Մեր նուիրեալ ուսուցչուհիները մօր մը պէս գուրգուրացին ձեր երեխաներուն վրայ: Սիրելի ծնողներ՛, միշտ քաջ ու խիզախ եղէք, ձեր ու մեր դպրոցի գոյութիւնը եւ առաքելութիւնը կախեալ է մեր զոհողութիւններէն ու նուիրումէն, որպէս զի ապահովենք հայ ազգին գիտուն եւ նուիրեալ զաւակներ:Մեծապէս երախտապարտ ենք մեր գիտակից, տոկացող եւ դիմադրող ծնողաց վրայ, որոնք միշտ քաջալեր կը հանդիսանան իրենց զաւակներուն, հետամուտ ըլլալու ուսման մէջ: 
Հայ վարժարանը միշտ ունեցած է մեծ ներդրում մեր հայ կեանքէն ներս, անոր շրջանաւարտները աշխարհի չորս ծագերուն պատիւ կը բերեն ոչ միայն իրենց անձին ու ընտանիքին, այլեւ՝ գաղութին եւ համայն հայութեան, որովհետեւ անոնք սերտօրէն կը մասնակցին մեր ազգային, գաղափարական կեանքին: 
Գիտակից ոչ մէկ հայ կրնայ ուրանալ Հայ Դպրոցի անզուգական դերն ու կարեւորութիւնը մեր ազգային կեանքին մէջ: Հայ Դպրոցը կոչուած է Մարդակերտութեան եւ Հայակերտութեան վսեմ գործին: Անոր նպատակն է հայ տղաքն ու աղջիկները կեանքի պատրաստել, անոնց նկարագիրը կերտել, անոնց բանական եւ հոգեկան աշխարհը ձեւակերպել:
Հայ Դպրոցին հիմնական առաքելութիւններէն մէկն ալ դաստիարակչական գործի արդիւնաւորումն է: Այս իմաստով, Հայ Դպրոցը կոչուած է մանուկն ու պատանին գիտակ դարձնելու մտաւոր եւ բարոյական զարգացման եւ առօրեայ կեանքի պայքարին պատրաստ ըլլալու կարեւորութեան:
Անտարակոյս, ընտիր նկարագիրի կազմութիւն, պատասխանատուութեան զգացումի գիտակցութիւն ջամբել, տիպար քաղաքացիներ պատրաստել, գիտութիւն եւ ծանօթութիւն ուսուցանել՝ կարեւոր տարրերն են ընտիր դաստիարակութեան:
Սակայն, ասոնց հետ եւ ասոնցմէ անբաժան, Հայ Դպրոցին կենսական նպատակներէն ու առաքելութիւններէն մէկն ալ հայեցի դաստիարակութիւնն է: Հայեցի դաստիարակութիւնը՝ հայ աշակերտին ջամբուած հայկականութիւնն է: Հայկականութիւն, որ ենթակային կը շնորհէ ժողովուրդի մը, իւրայատուկ հաւաքականութեան մը պատկանելու իրաւունքը, առանձնաշնորհը եւ պարտաւորութիւնը:
Հայ Դպրոցը հայ մանուկին «երկրորդ տուն»ն է: Հայակրթութեան ամէնէն ազդեցիկ միջոցներէն մին է անիկա, ուր կարելի է լաւագոյն հայեցի դաստիարակութիւնը ջամբել նորահաս հայ սերունդներուն:Հայ Դպրոցը այն կրթարանն է, ուր հայ մանուկներ ոչ միայն ուսում եւ կրթութիւն կը ստանան, այլ նաեւ կը հաղորդուին Մեսրոպեան տառերով եւ կը սորվին իրենց մայրենի լեզուն, հայոց պատմութիւնը, հայ աղօթքներն ու երգերը:
Հայեցի դաստիարակութեան հիմը կը կայանայ հայերէն լեզուի ուսուցման եւ մայրենի լեզուով հայ ոգիի եւ ոգեկանութեան ջամբելու մէջ: Հայաստանի եւ Արցախի հայրենի մեր հողերուն վրայ հայեցի դաստիարակութիւնը լռելեայն ընդունուած իրողութիւն մըն է: Բայց Սփիւռքի մէջ առաւելաբար հայ դպրոցին առաքելութիւնը հայակրթութիւնն է, որովհետեւ հայ տղան եւ հայ աղջիկը հա՛յ պիտի կրթուին: Անոնք կրնան աշակերտել որեւէ դպրոցական յարկի ներքեւ, բայց միայն հայ դպրոցին մէջ է, որ հայեցի դաստիարակութիւնը պիտի դառնայ մայրենի լեզուով եւ անով է որ պիտի փոխանցուի հայ ոգին սերունդէ սերունդ:
Անուրանալի է հայ դպրոցին դերը նոր սերունդներուն փոխանցած իր շունչով եւ ընծայած հայեցի մթնոլորտով, որոնց հետ միասին հայ զաւակներ կ՛առաջնորդուին ինքնաճանաչման, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդին անցեալի ու ներկայի կեանքին:
Հայ տղան ու հայ աղջիկը իր ամէնօրեայ կաթին ու հացին չափ պէտք ունին հայ դպրոցի ոգեղէն սնունդին, առանց որուն անոնց ազգային դիմագիծը հետզհետէ կը տժգունի, կը խամրի ու կը չորնայ:
Սակայն, Հայ Դպրոցը առանձինն անկարող է լման եւ համապարփակ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել: Անոր կողքին կան հետեւեալ երկու կարեւոր գործօնները.
1. Հայ Ուսուցիչը: Հայ դպրոցը իր յառաջապահ դերին մէջ պահելու համար անհրաժեշտ է ունենալ ազգային խոր գիտակցութեամբ ընտիր հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ: Դպրոցը հայակերտումի վարակիչ օճախ դարձնելու համար անհրաժեշտ է զօրացնել հայ ուսուցիչին դերակատարութիւնը, որովհետեւ հոգեւոր արժէքներու եւ հայկականութեան ապրումի լաւագոյն եւ ամէնէն ազդու սերմնացանը հայ ուսուցիչն է: Առանց հայ ուսուցիչին՝ անդիմագիծ ուսումնարաններու կը վերածուին մեր դպրոցները: Ընտիր եւ լիիրաւ հայ ուսուցիչը կը հաղորդէ, կը համոզէ եւ կը ստեղծագործէ: Ան ոչ միայն հաղորդիչ մըն է գիտելիքներու, գաղափարներու եւ հմտութեան, այլ նաեւ իտէալապաշտ գաղափարախօս մըն է:
2. Հայ Ընտանիքը: Հայ դպրոցը անկարող է ամբողջական հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել առանց անոր գլխաւոր նեցուկ եղող հայ ընտանիքին: Դաստիարակչական գործը կը սկսի ընտանեկան յարկէն: Ընտանիքը առաջին դպրոցը ըլլալով՝ կոչուած է մանուկը կրթելու, առաջնորդելու եւ կոփելու նուիրական աշխատանքին:
Ընտանեկան յարկը մեր գոյամարտի բերդը եղող՝ Հայ Դպրոցը պահող ամէնէն վճռական ազդակներէն մէկն է: Ի վերջոյ, եթէ հայու ոգին ծնողքէն չփոխանցուի զաւակին, դպրոցը ամէն բան չի կրնար ընել: Երախան իր ծնունդէն իսկ հայ մթնոլորտի մէջ պէտք է մեծնայ: Այդ մթնոլորտը կրնայ ստեղծուիլ եթէ ծնողքը ինքզինք կապուած կը զգայ հայ կեանքին, առաւել կամ նուազ չափով իր մասնակցութիւնը կը բերէ հայկական, ազգային ձեռնարկներուն ու աշխատանքներուն, հայերէն գիրք կը կարդայ, հայ բարեկամ ընտանիքներու հետ կապ կը պահէ, եւ իր ամէնօրեայ ապրումներով կ՛ապացուցանէ իր հայ ըլլալու հպարտութիւնը: Ծնողաց կեանքի օրինակը ամէնէն ներշնչիչ եւ վարակիչ իրականութիւնն է, որ իր մնայուն եւ հզօր ազդեցութիւնը կրնայ ձգել մանուկներուն վրայ:
Հայ Դպրոցին համար թափուած ամէնէն անձնուրաց ճիգերը եւ տրամադրուած ամէնէն առատ զոհողութիւնները ապարդիւն կրնան մնալ, եթէ ծնողներ ամբողջական գործակցութիւն չընծայեն դպրոցը վարող մարմիններուն:
Առանց հայաշունչ յարկի՝ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբել կարելի չէ:
Մանուկներ հայոց, դրախտի ծաղիկ, Ծաղկեցէ՛ք ուրախ, եղէ՛ք երջանիկ: Հակառակ տիրող երկրի ան բարենպաստ ու անապահով վիճակին` մեր վարժարանը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր աննկուն ու հաստատ կամքը: Դիմագրաւելով բոլոր դժուարութիւնները շարունակեց իրագործել իր ազնիւ նպատակը եւ ահաւասիկ հայ դպրոցը անգամ մը եւս յաջողեցաւ հայ բոցը վառ պահել ու զարդարել հայ մանուկին աշխարհը: Քաջ գիտակցելով, թէ մանուկները բուրումնաւէտ ծաղիկներ են, նաեւ` ժողովուրդի յոյսն ու ապագան:


2015-2016 տարեշրջանի աւարտին մեր շրջանաւարտ աշակերտութեան կը շնորհաւորենք ու կը մաղթենք որ իրենց կեանքին մէջ միշտ ըլլան առոյգ, կենսունակ, բարեսիրտ եւ ուսումնասէր, հասնին ակադեմիական բարձր մակարդակներու, ըլլան պատուաբեր քեսապահայեր եւ նկարագրի տէր մարդիկ` միշտ պատիւ եւ պարծանք բերելով ընտանիքին, ազգին ու հայրենիքին:
կեանքի մէջ յաջողութեան երկու նախապայմանի կան՝ աշխատանք եւ նկարագիր: 


Սիրելի շրջանաւարտներ՛ մնացէք միշտ աշակերտներ, որովհետեւ աշակերտը ժամանակ եւ հանգիստ չի ճանչնար, յարատեւօրէն կը սորվի: «Կը գտնուինք քաղաքական, ընկերային, տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ, դժուարին պայմաններու մէջ լաւագոյնս կը կոփուի մարդու նկարագիրը, կամքը: Մեր լաւագոյն տարրերը միշտ եկած են ժողովրդային համեստ խաւերէ եւ դժուարին պայմաններէ: Կարեւորը աշխատանքի հաւատք ունենալն է, չընկրկիլն է:

Վերջապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին կրթական անցնող տարեշրջանին յաջող ձեւով ամբողջացումը: «Մենք դատապարտուած ենք յաջողելու: Կը յաջողինք, որովհետեւ զաւակներն ենք ժողովուրդի մը, որ կը հաւատայ իր ուժին եւ կարողութեան, կը գիտակցի զոհողութեան եւ նուիրումին արժէքին: Գիտէ տալ, ու երբ կու տայ, կու տայ իր սրտէն ու հոգիէն, որպէսզի Հայ Դպրոցը կանգուն մնայ, Հայ Դպրոցով հայութիւնը աւելի ամրանայ ու արմատանայ իր ազգային իտէալներուն եւ արժէքներուն մէջ:
Յատուկ շնորհակալութիւն բոլոր միութիւններու ներկայացուցիչներուն, ձեր ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը մեզի կը զօրացնէ եւ կը քաջալերէ:Խորհին շնորհակալութիւն սոյն «Սարդարապատ» սրահի վարչութեան որ սիրայօժար տրամադրեց մեզի այս շքեղ սրահը: Վարձքերնիդ կատար ուսուցչակազմ:

Շնորհաւորութիւններս բոլոր շրջանաւարտ աշակերտներուն, աւելի բարձր վկայականներու արժանանաք: Աչքերնիդ լոյս սիրելի ծնողներ:
Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան








All the contents on this site are copyrighted ©.